Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ


Դերասան, բեմադրիչ, արձակագիր ու հրատարակիչ Յակոբ Այվազի անձնական թողօնը կ՚ընդգրկէ ԺԹ դարու կէսէն, երբ կ՚առնուէին Օսմանեան թատրոնի առաջին քայլերը, մինչեւ ԻԱ դարասկիզբ ինկած,շուրջ 150-ամեայ ժամանակահատուած մը։ Թողօնը, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Օսմանեան ու Թուրքիոյ թատերական պատմութիւնը, միաժամանակ անօրինակ նպաստ մը կը բերէ հանրային յիշողութեան։

Թողօնը, որ 2006-ին, Այվազի մահէն ետք, ի պահ յանձնուած է «Ակօս» թերթին, կը պարունակէ շուրջ 300 օսմաներէն, հայերէն եւ թրքերէն ձեռագիր թատրերգութիւն, աւելի քան 300 տպագիր թատրերգութիւն՝ միշտ երեք լեզուով, աւելի քան 500 հայերէն եւ թրքերէն պարբերական մամուլի նմոյշ, գրքոյկ, շուրջ 12 հազար լուսանկար, որմազդ, երգիծանկար, թերթի ու պարբերականի կտրօն, հրաւիրագիր, գծագրութիւն ու բացիկ։ 2019-ին Հրանդ Տինք հիմնարկ նուիրուեցան նաեւ Ազվայի քանի մը անձնական իրերը, ստացած նուէրները եւ 1946-1996 թթ. միջեւ անընդհատ հրատարակուած «Քուլիս» հանդէսի 1104 թիւերէ բաղկացած ամբողջական հաւաքածոնՏօքթ.ՊարգեւՊալըմօղլուինկողմէ, այսպէսով թողօնը ստացաւ աւելի կատարեալ տեսք մը։

Բազմալեզու արխիւը,իւրայատուկ եւ հարուստ աղբիւր մընէբոլոր այնհետազօտողներուն համար, որոնքպրպտումներկըկատարեն՝ յատկապէսՕսմանեան եւ Թուրքիոյ բեմական արուեստներու եւ ժողովրդականպատմամշակութայինմարզին մէջ։

Արխիւը հիմնականին թուայնացուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկին կողմէ։ Արխիւի ցուցակագրութեան աշխատանքը ընթացքի մէջ է։ 15 Դեկտեմբեր 2020-ին,Եափը ՔրէտիՄշակոյթի եւԱրուեստի Հրատարակչութեան եւ Թուրքիոյ Թատրոնի Հիմնարկի համագործակցութեամբ պատրաստուած ցուցահանդէսի ընթացքին արխիւը բացուած է հանրութեան։

Հետազօտողները, որոնք կը փափաքին մուտք գործել տպագիրարխիւ՝կրնանկապ հաստատելՀրանդ Տինք Հիմնարկի հետ։

Ենթա-հաւաքածոներ

Պատկերներ
Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային...
Պատկերներ
Քուլիս թերթերը
«Քուլիս»ի ուղին սկսաւ1946-ին, Ղալաթիոյ «Կիւլ» խանէն։ Յակոբ Այվազ, Զարեհ Արշակի եւ Նազարէթ Տօնիկեանի հետ, կ՚ուզէր հրատարակել արուեստի ու...
Քուլիս թերթերը