Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D16Z120.TIF «Գասպար Իփէկեան Թատերախումբ»ին եռանդուն անդամներէն՝ Պր Սարգիս Արսլանեան որ տարիներէ ի վեր կը հետեւի նաև ELENA IMAZի պալէյի...
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D16Z12.TIF Օր. Սուքեասեան և Պ. Իփէկեան « Օշին Պայլ»ի մէջ Տէր և Տիկին Գասպար Իփէկեան
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D16Z118.TIF Ժօրժ Սարգիսեան վանահայր (Հին Աստուածներ)
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D16Z116.TIF Տեսարան մը Մասիսեաններու պարտէզէն: Ոտքի կեդրոնը՝ Օր Նուարդ Աբանեան և Արշալոյս Պօյաճեան
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D16Z115.TIF Պարտիզպանը՝ Պր Միսաք Ապաճեան և Միքայէլ՝ Պր Նուպար Պօզապալեան