Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D369Z119.TIF Դանիէլ Վարուժան եւ իր կինը Արաքս Վարուժան
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D369Z11.TIF Հայ աննման քերթող ու թատերագիր Մկրտինչ Պէշիքթաշլեան/
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D368Z9.TIF Յակոբ Այվազ եւ Սիմոն Մլիքսէթեան (Սիմոնիկ) Քուլիսի խմբագրատան մէջ (Պապը Ալի) Ճաղալօղլուի զարիվերին վրայ թիւ 10/Ա. Իսթանպուլ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D368Z8.TIF Սիմոն Մելիքսէթեան եւ իր կինը Երեւանի մէջ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D368Z6.TIF Խմբանկար մը ծանօթ դմքերով 25.4.1993 Գումգաբու Դպրեվանք 40 Վ.Ք.
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D368Z5.TIF Սիմոնիկ Գազֆաեան որբանոցի պարտէզին մէջ Սկիւտար 1922-1993
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D368Z4.TIF Մայսթրօ Ժիրայր Արսլանեանց եւ Սիմոնիկ եւ փոքրիկ Աւօ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D368Z3.TIF Խմբանկար մը ներկաներէ Սիմոն Մելիքսէթեան Սեւան