Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D278Z74.TIF «Շատ Սիրուց» փիէսէն տեսարն մը, Պոյան Գարաճովի վերադարձը եւ ուրախ դիմաւորումը եղբօր տան մէջ։ Կ. Յակոբ Արկոյեան Փլովտիվ 25.4.1970
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D278Z73.TIF Պուլկարահայ արժէքաւոր նկարիչ Զաւէն Փափազեան
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D278Z72.TIF Փլովտիվի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մուտքը առջեւը պզտիկ բակը աջ անկիւնը բանկալը եւ անոր քով՝ հայկական ոճով զանգակատունը
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D278Z70.TIF Փլովտիվի Արամ Խաչատրեան երգչախումբ- ղեկավար Յակոբ Տայիճեան 4.10.1967
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D278Z7.TIF Երեւանի Ռուսիոյ վարչութեան ատենապետ Յովսէփեանը կը շնորհաւորէ երգչախումբը 3.11.1979 Պուլկարիա
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D278Z68.TIF Խաչատուր Աբովեանի տուն թանգարանի առջեւ Փլովտիվի «Արամ Խաչատրեան» երգչախումբի անդամներէն մէկ մասը Կ. Ա. Հագիկեան
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D278Z65.TIF Ռուսքի «Արաքս» էսթրատային նուագախումբ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D278Z64.TIF Իլիզիոնիսթ-ֆօսքիր Արթին Փլովտիվին Պուլկարիա