Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D264Z4.TIF Մեծարժէք մտաւորականներու հայր մը, լուսանկարուած 1928-ին Փարիզ։ Ձախէն աջ՝ նստած Թէոդիկ, Շաւարշ Միսաքեան, ոստքի՝ Շաւարշ Նարտունի, Շահան...
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D263Z6.TIF Տիգրան Ժամկոչեան եւ Ժանեթ Գազանճեան Պերլին 1980
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D263Z5.TIF Տինանեան քուարթեթ պ. Տինանեան ջութակ, Գ.Ճիւմպիւշեան երտ ջութակ,Ա.Փիլիպոսեան վիոլոնսել, Ա.Եղիկեան Թաւջութակ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D263Z2.TIF Սիրելի եւ յարգելի Պ. Ռնկնատեանին Կրոյր Ալեքսանեան Գահիր 12 11 1923
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D262Z5.TIF Իւղաներկ վերնագիր, կոմպոզիցիոն, պաստարի մեծութիւն, 78cmx60cm
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D262Z4.TIF Իւղաներկ վերնագիր, կոմպոզիցիոն, պաստարի մեծութիւն, 78cmx60cm