Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D106Z11.TIF Գրիգոր Սիւտճեան իր աշխատանոցին առջեւ Պէյրութ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D105Z9.TIF Աշոտ Մալաքեան եւ իր կինը Փարիզի հայոց եկեղեցւոյ մէջ Ժան Կուժօն 11 Փետր. Ֆօթօ Մէլիք
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D105Z8.TIF Բեմադրիչ Աշոս Մալաքեան աշխատած պահուն-Փարիզ-
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D105Z5.TIF Աշոտ Մալաքեան եւ իր կինը հայոց եկեղեցիին մէջ Փարիզ Ժան Կուժօնը 11 Փետրուար 1967 ֆօթօ Մէլիք