Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D62Z6.TIF Գերզգայուն բանաստեղծ Արթիւր Պերճի ր ամէնասիրելի մայրիկին հետ անբաժան
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D62Z4.TIF Պատմական նկար մը, Խասգիւղի նախկին Գալֆաեան որբանոցի մատուռին առջեւ, կրօնաշունչ Արթիւր Պերճ մաքրակրօն մայրապետներուն հետ լուսանկարուած...
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D62Z3.TIF Պատմական նկար մը, Խասգիւղի նախկին Գալֆաեան որբանոցի մատուռին առջեւ Արթիւր Պերճ քոյր Հռիփսիմէ Սասունեանի և մայրապետ Գալֆաեանի հետ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D62Z2.TIF Կրօնաշունչ և գերզգայուն բանաստեղծ Արթիւր Պերճ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D62Z1.TIF Արթիւր Պերճ Կրօնաշունչ բանաստեղծ, թատերագիր, դերասան, գեղահնչիւն արտասանող, զգայուն դանբանախօս, խորիմաստ հրապարակագիր, հոգեբան...