Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D59Z4.TIF Երուանդ Սիմոն և տիկին Այծեմնիկ «Վարդարան»ին մէջ:
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D59Z3.TIF Վարդգէս Թէրզիպաշեան Գէւորգ Զարդարեան տիկ. Այծեմնիկ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D59Z19.TIF Օր. Լիւսի Մանուկաեն Եգիպտոսի երիտասարդ լաւագոյն դերասանուհին որ մաս կը կազմէ դերասան Արփիար Վարդեանի թատերախումբին
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D59Z17.TIF Տիկին Այծեմնիկ կը շինէ իր հօրը տիար Վահան Զարդարեանի կիսանդրին- Այծեմնիկ Պօյաճեան
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D59Z16.TIF Վահան Զարդարեանի կիսանդրին շինուած իր աղջկան կողմէ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D59Z15.TIF Տեսարան մը «Մարդ Չէնք Ընդունիր» ներկայացումէն (խաղէն վերջ լուսանկարուած) բեմադրիչը Վահէ Պօյաճեան (Եգիպտոս)
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D59Z14.TIF Պր. Վահէ Պօյաճեան (Սեւ հագուստով մարդը եւ բեմադրիչ)
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D59Z13.TIF Տիկին Այծեմնիկ Պօյաճեան (Մեծ Մայրը)