Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D9Z15.TIF Արփի Թատերախումբէն Խաչիկ Սիրականեան (Կարօ Բալուեան) Վարուժան տէր Մարգարեան (Սահակ Գրիգորեան), Թագուհի Ազարեան (Արշալոյս Գրիգորեան)...
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D9Z14.TIF Արփի Թատերախումբէն Լեւոն Խախամեան (Թորգոմ Մանուկեան) Վենսան Գարագօչ, (տօքթ. Վահէ Արզումանեան) «Քարէ Պուպրիկ» բիէսին մէջ 26.04.48
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D9Z13.TIF Արփի թատերախումբէն Սօնա տէր Մարգարեան (Քրիսթին), Անահիտ Սարեան (Մեցցի), Նուրհան Թընկըր (Ֆրից), Խաչիկ Սիրականեան (Թէօտօր) « Մին ու Միւսը»...
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D9Z11.TIF Արփի Թատերախումբը լուսանկարուած «Քարէ Պուպրիկ»ի ներկայացումէն յետոյ: 26.04.948
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D9Z10.TIF Դերասան Պետրոս Ադամեանի հոգէհանգստեան պատարագէն յետոյ, «Արփի» Թատերախումբի եւ «Երիտասարդաց» Թատերախումբի արուեստագէտներն ու միւս...
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D9Z1.TIF Արփի Թատերախումբէն Սօնա Տէր Մարգարեան եւ Նուրհան Թընկըր «Քարէ Պուպրիկ» ին մէջ 26.04.48