Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D3Z32.bmp «Արմենուշ» այժմ Երեւանի ժողովրդական Թանգարանը- Պարգեւուհի Պետրոսեանի գործերէն
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D3Z31.bmp Տէր եւ Տիկին Պարգեւուհի- Արամ Պէտրոսեան իրենց փարքի օրերուն
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D3Z30.bmp Սեմայի ապա Միսաք Մանուշեանի անկողնին վրայ քաշուած 1932ին տաղանդաւոր սինեաստղ Վահրամ Սապունճեանի կողմէ, այժմ Պրիւքսէլ: Փարիզ 30 Մայիս 1984-...
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D3Z3.bmp Մեր թատերական աշխատակից Արամ Պետրոսեան, Բարձրավանքի սարահարթին վրայ զարմիկի որդւոյն Սամուէլի հետ:
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D3Z29.bmp Պարգեւուհին իրանեան տարազուն երբ կ'ոգեկոչէր Օմար Խայեամի քառեակները Ժան Ռոնսէի Պարի Ակաթէմիին մէջ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D3Z28.bmp 1943ի Մարտին Պերլինի մէջ- Արամ Պետրոսեան
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D3Z26.bmp Արամ Պետրոսեան աջակողմը Կոմս Ալօնս (Տօն Ժուան) թատերախաղի մէջ