Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D36Z22.TIF 14.8.54 Աստուածամօր Եկեղիցիի բակին մէջ Երուսաղէմ Բ. Աբովեան թատերախումբը «Աշուղ- Ղարիպ» ներկայացման առիթիւ, Երուսաղեմի մօտ Ս. Աստուածանմօր...
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D36Z21.TIF Բ. Աբովեան «Սատանայ» բիէսին մէջ լէյզերի դերով
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D36Z2.TIF Դերասան Բ. Աբովեան մաղադի իբադի դերով
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D36Z19.TIF Բ. Աբովեան «Նա չլինի սա լինի»ի մէջ մաշատի իպատի դերով
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D36Z18.TIF Բ. Աբովեան «Չար Ոգի» ի մէջ Գիժ Դանիէլի դերով
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D36Z17.TIF «Վերք Հայաստանի» «Ասլան Բալաս»ի բիէսին մէջ Բ. Աբովեան Հասան Խանի դերով
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D36Z16.TIF Բ. Աբովեան Շիլլերի «Աւազակները» տրամին մէջ Ֆրանց Մօօրի դերով 1922