«Քուլիս»ի ուղին սկսաւ1946-ին, Ղալաթիոյ «Կիւլ» խանէն։ Յակոբ Այվազ, Զարեհ Արշակի եւ Նազարէթ Տօնիկեանի հետ, կ՚ուզէր հրատարակել արուեստի ու մշակոյթի հանդէս մը։ Առաջին թիւը ունէր16էջ ու500տպաքանակ, իսկ կողքը ձեւաւորած էր Պերճ Կիւրթեն, որ Պապ-ը Ալիի գծագրիչներէն էր։ Առաջին տարիէն ետք Այվազ սկսաւ առանձինն հրատարակել հանդէսը. իր տարիներու զոհողութիւններու արդիւնքին հանդէսին տպաքանակը հասաւ2500-ի։
Այվազ1948-ին գնաց Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Իրան, Յունաստան ու Եգիպտոս՝ հանդէսը ծանօթացնելով տեղւոյն գաղութներուն, որոնցմէ հաւաքած մշակոյթի ու արուեստի նիւթերը տարածեց աշխարհացրիւ ընթերցողներուն՝ ըլլալով արուեստագէտներու ու արուեստասէրներու միջեւ ամուր փոխազդեցութեան մը նախաձեռնողը։
1946-1996թթ. միջեւ անընդմէջ հրատարակուած «Քուլիս» եղաւ ներշնչանքի աղբիւր մը անկախ հրատարակիչներու համար՝ որպէս արուեստի ու մշակոյթի հրատարակութիւններու յաջողած հազուագիւտ օրինակ մը։
Բովանդակութեամբ ու աշխատակիցներով «Քուլիս» յաջողեցաւ մատչելի դառնալ հազարաւոր ընթերցողներու։ Պոլսահայ գրաւոր մշակոյթի պատմութեան մէջ «Քուլիս» ունի անփոխարինելի տեղ մը։ Իր1104թիւերը մշակոյթի ու արուեստի հսկայ արխիւ մըն է Թուրքիոյ թատերական կէսդարեայ յիշողութեան մէջ։
Միաւորներ: 1.082
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Քուլիս թերթերը Ամսագիր/Թերթ
Քաղաքապետական Թատրոնի Ռէժիսէօրը Էրթուղրուլ Մուհսին Է.3, 10 Քուլիս՝ Մուհսին Էրթուղրուլ ինչպէս հիմնեց այսօրուան Քաղաքապետական Թատրոնը - Յ.Այվազ Է.4-5 Գեղարուեստ՝ Մխիթարեան Սանուց Միութեան...