Թիւ 1.2.6.42

Ամսագիր/Թերթ Նուիրատու: Barkev Balımoğlu Գրող / Ստեղծող: Hagop Ayvaz Թուական: 1991-10-01 Լեզուներ: Հայերէն


Քաղաքապետական Թատրոնի Գեղարուեստական Վարիչ Կէնճայ Կիւրիւն

է․3-4 Մեր Խօսքը՝ Երբ Վարագոյրները Անգամ Մը Եւս Կը Բացուին - Երուանդ Կոպէլեան 

է․6-8 Մխիթարեաններու Գրական Ուղին - Գրեց՝ Վանատուր

է․9 Մարտիրոս Թորան Եւ «Փլանէթ» Հաստատութիւնը Ի Պատուի 

է․10-12 Սփիւռք, Հայ Կեանք՝ Լոս Անճելըսեան Յիշատակներ-Նօթեր՝ Սփիւռքահայ Թատերախումբին Հետ - Գրեց՝ Դաիւթ Յ․ Էվերեկլեան

է․13 Շան Թատրոնը Զուարճութեան Ոստանի Կը Վերածուի 

է․14-18 «Քուլիս»ի 45-Ամեակին Առթիւ՝ «Քուլիս»ը Կամ Այվազ Հալէպի Մէջ - Գրեց՝ Թորոս Թորանեան

է․19-21 Շարժանկարի Հին Օրերու Մեծագոյն Աստղերը՝ Հիւկէթ Տիւֆլօ - Գրեց՝ Արամ Պետրոսեան

է․22-23 Թատրոն՝ Արուեստի Լրատու՝ Համեցէք «Հավլաբար» Թատրոն - Հ․ Սարգիսեան

է․24-25 Հայաստան՝ Վահան Թէքէեանի Արձանը Բարձրացաւ Երեւանի Մէջ - Գրեց՝ Յովիկ Էօրտէքեան

է․26-27 Երաժշտութիւն՝ Հալէպահայ Երաժշտական Լրատու՝ Երաժշտագէտ Հրանդ Գէորգեանի Աշակերտներուն Համերգը - Երաժշտասէր

է․28-30 Երբ Արուեստը Միջոցը Եւ Լեզուն Է Ժողովուրդներու Մերձեցման Ու Եղբայրակցութեան՝ Երգիչ Գայահան Կը Հեգնէ Օննօ Թունճի Հայութիւնը - Արուեստագէտներու Միութիւնը Կը Հակազդէ - Լիվանէլի Կը Ձաղկէ Ժամանակավրէպ Մտայնութիւնը

է․32-37 Յուշեր Ու Նիշեր Հայաստանէն - Գրեց՝ Վարուժան Քէօսէեան

է․38-47 Իսթանպուլի Մէջէն՝ Սեպտեմբեր Ամիսը - Պատրաստեց՝ Երուանդ Կոպէլեան Լուսանկարներ՝ Վարուժան Քէօսէեան

  • Ցուցակի տեսակ: Ամսագիր/Թերթ
  • Թիվ 1042
  • Էջեր 52
  • Խարտոց
  • Թերթի անուն Kulis
  • Լուսանկարներու ցանկ

    է․5 Աշնան Տերեւաթափը

    է․9 Մարտիրոս Թորան իր զոյգ մրցանակներով, միւս մրցանակաւորներուն հետ Վարչապետ Մեսուտ Եըլմազն ու Զբօսաշրջութեան Գործավար Պիւլէնտ Ագարճալըն շրջապատուած

    է.13 Այսօր աւերակ ու լուռ, «Շան»ի սրահը ինչ օրեր ապրած եւ ապրեցուցած է անցեալին Իսթանպուլի երաժշտասէրներուն ու թատերասէրներուն

    է․15 Թորոս Թորանեան եւ Յակոբ Այվազ մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին:

    է․22 Տեսարան ներկայացումից: Երեւանի մանկավարժական իստիտուտի կուլտուրայի Ֆակուլտետի ուսանողուհի Տաթեւիկ Ղարիբեանը եւ գեղարուեստաթատերական ինստիտուտի՝ Պէյրութահայ ուսանող Վարդան Մկրտիչեանը՝ գլխաւոր դերում: Լուսանկար՝ Հ․ Սարգիսեան

    է․26 Յովհաննէս Մուպայյէտ (ջութակ) , Ճորճ Հայրապետեան (թաւջութակ) եւ Վրէժ Ղազարեան միասնաբար կը նուգեն:

    է․26 Երգչուհի Տիկ․ Մարի Արոյեանը կերգէ, ընկերակցութեամբ դաշնակահար՝ Վրէժ Ղազարեանի

    է․27 Նուագահանդէսէն յետոյ Տիար Հրանդ Գէորգեան իր աշակերտ-աշակերտուհիներուն հետ լուսանկարուած

    է․27 Վարպետը՝ Երաժշտագէտ Հրանդ Գէորգեան իր աշակերտին Վրէժ Ղազարեանի հետ չորս ձեռք կը նուագեն

    է․32 Ճարտարապետ Ակադեմիկոս Ալեքսանդր Թամանեանի ձեռակերտը եղող Երեւանի Օփերայի ու Պալետի Պետական Ակադեմական Թատրոնի այս շէնքին նախագիծը, 1937-ին Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին շահած է ոսկի մետայլ, իսկ աւելի վերջ ալ Լենինի անուան շքանշան:

    է․33 Մեր ոսպնեակը կը ցուցաբերէ Երեւանի Պետական Սէնֆօնիք նուագախումբին ելույթներէն մին  

    է․33 Լորիս Ճգնաւորեանի ղեկաւարած Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին ելոյթին պատուոյ օթեակէն կը հետեւին Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Տիկինը, Վեհափառ Հայրապետն ու Պօզապալեան Սրբազանը:

    է․34 Նկարը ցոյց կու տայ Ալեք Մանուկեանի նուիրուած նուագահանդէսը բարձր ներկայութեամբ պատուող Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի Փոխ-նախագահ Բաբկէն Արագցեանէ վերի կարգ առանձին, բարձրաստիճան եկեղեցականներէ եւ Լոնտոնի անուանի գործարար Տէր եւ Տիկին Ճոն Քիւրքճեան 

    է․35 Երեւանցիները առընթեր ներկայ Իսթանպուլահայեր եւս կը ծափահարեն Սէնֆօնիք նուագախումբին ելոյթը/ Առաջին գծի վրայ կը տեսնուի վաստակաւոր ուսուցչոիհի երաժշտագէտ Տիկին Ջէմմա Սարգիսեան 

    է․35 Մեր նկարը ցույց կու տայ հանրածանօթ երգահան Խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանը, որ Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ընկերակցող հանդիսականները եւս կը ղեկավարէ 

    է․36 Համերգասրահը միշտ լիքն է հանդիսականներով/ Պատուոյ օթեակէն նուագահանդէսին մը հետեւի նաեւ Վեհափառ Հայրապետը

    է․36 Երեւանի Պետական Օփերայի նախասրահին մէջ մեր աշխատակիցը հանդիպում կ'ունենայ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Եպսկ․ի (ձեռքը վերարկուով) եւ Էջմիածնայ միաբան վարդապետի մը հետ: 

    է․36 Արան Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին բիւրեղեայ հսկայ չորս ջահերը շինուած են Երեւանի մէջ/ Այս ջահերը ոչ միայն սրահին լուսաւորման համար տեղադրուած են, այլ եւ սրահին գեղեցիկ երեւոյթ մը տուող ղարդերն են, որոնցմէ երկուքը կը տեսնուին:

    է․37 Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը կը տեսակցի Իսթանպուլահայ ուխտաւորներէն ծանօթ ազգայիններ՝ Տեարք Մելքոն Գարաքէօսէի եւ Կարպիս Երամեանի հետ 

    է․38 Պէշիկթաշի Մատակարար Մարմինի անդամները շրջապատուած են Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրն ու Գերշ․ Շահան Սրբազանը

    է․38 Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը կը քարոզէ Պեշիկթաշի Եկեղեցւոյ մէջ:

    է․39 Նկարը ցոյց կու տայ Ս․ Յարութիւն Մատրան վերօծումէն դրուագ մը

    է․42 Հայաստանի կրօնական Խորհուրդի Նախագահ Լուտվիկ Խաչատուրեան եւ իր Տեղակալը պատմաբան հրապարակագիր Սէրկէյ Վարդանեան Ամեն․ Տ․ Գարեգին Ս․ Պատրիարք Հօր եւ Գերշ․ Տ․ Շահան Սրբազանի հետ

    է․43 Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը կը տեսակցի Տիար Լուտվիկ Խաչատուրեանի հետ

    է․43 Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը յուշադամբանին առջեւ

    է․44 Կրօնից Նախարարը Ս․Փ․Հ․Ի․ Ատենապետին եւ Բժշկապետին կը յանձնէ իրենց նուէրները

    է․44 Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը շրջապատուած Կրօնից Նախարար, Տեղակալ, Հոգաբարձու, Բժշկապետ եւ բժիշկներէ

    է․45 Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հօր շուրջ Նոր Տէլհիի Եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ Լուտվիկ Խաչատուրեան եւ Սերկէյ Վարդանեան Ֆէրիգիւղի Խորհրդարանին մէջ:

    է․45 Օրուան պատարագիչն էր Գերշ․ Տ․ Մեսրոպ Եպսկ․ Մութաֆեան

    է․46 Պերճ Էրզիեանի ստեղծագործութիւններէն նմոյշ մը

    է․46 Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը Գերշ․ Տ․ Շահան Սրբազանի հետ օդակայանին պատուոյ սենեակին մէջ

    է․47 Նորընծայ Վարդգէս Սրկ․ Փէստիլճեան եւ Խաչիկ Սրկ․ Սարըլը կը խնկարկեն: 


Վերջին թարմացում:2021-07-13 22:26:51