Տեսողական նիւթերը, որոնք կը կազմեն Յակոբ Այվազի արխիւին մեծագոյն մասը, առաջին անգամ՝ 15 Դեկտեմբեր 2011-ին սկսաւ տեղափոխուիլ թուային հարթակ։ Մինչեւ այսօր ընդհանուր 10000 տեսողական նիւթեր արձանագրուած են մեր առցանց արխիւային համակարգին մէջ։ Այս տեսողական նիւթերու շարքին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Քաղաքային Թատրոնները, Պետական Թատրոնը, հիմնականին Իսթանպուլի եւ նաեւ Թուրքիոյ սեփական թատրոններն ու թատերասրահները, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու Հայ թատրոնի դերասաններն ու արուեստագէտները, Պոլսահայերու 20-րդ դարու պատկանող պատմամշակութային կեանքէն զանազան լուսանկարները, Հայկական վարժարաններու ու միութիւններու թատերախումբերը եւ Թրքական թատրոնի եւ սինեմայի հետ առընչուող զանազան լուսանկարները։ Բացի այս տեսողական նիւթերէն, արխիւին մաս կը կազմեն նաեւ այլ տեսողական նիւթեր՝ լրագրի կտորներ, որմազդներ, գրքոյկներ, երգիծանկարներ, բացիկներ, գծանկարներ, ամսաթերթեր եւ ձեռագիրներ, որոնք կը շարունակեն աւելնալ արխիւային համակարգին։
Միաւորներ: 10.534
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D10Z21.TIF Խմբանկար մը՝ Աստր. Մշ. Կեդրոնէն 2 Մայիսի րէսիթալէն (մէջտեղը օր Վալանթին Մազլում)
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D10Z2.TIF տիկին Ֆիմի Մազլում համակիրներով շրջապատուած
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D10Z19.TIF Օր Վալանթին Մազլում եւ օտար դիւանագէտներ
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D10Z18.TIF ձախէն աջ B. Sadık Hata, prof. Adnan Atakan, Bn. Taşhan Hitay, B. Fatih Pasiner, Օր. Վալանթին Մազլում, B. Hamdullah Özentel, B. Nabık Dinmez Վալանթին Մազլում
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D10Z16.TIF Օր. Վալանդին Մազլում իր աշակերտը Ետուարդ Կիւլպէնկեանի հետ:
Հակոբ Այվազ Հավաքածոյ > Պատկերներ Լուսանկար
D10Z15.TIF 10 Ապրիլին Նարեկեան սրահին մէջ կայացած՝ Վ. Մազլումի 1976ի Գ-րդ րէսիթալէն խմբանկար մը,